ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ԴԷՄՔԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած խումբին ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, նորահաստատ շրջանային համակարգը այս ընտրութիւններուն բոլորովին նոր վիճակ մը ստեղծած է աւանդաբար «հինգ հաստատութիւն» կոչուած մեր կառոյցներուն տեսակէտէ։ Անոնց շարքին է Ս. Խաչ դպրեվանքը, որու խնամակալութեան ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանին մէջ, դեկտեմբերի 24-ին։

Երէկուան այցելութեան ընթացքին Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ իր ընկերները բացատրեցին, որ նոր ընտրական համակարգով պայմանաւորուած անհրաժեշտութիւնները հաշուի առնելով՝ արդէն համախոհ ընկերներէ բաղկացեալ թեկնածուական խումբ մը ձեւաւորած են։ Այս խումբին գլուխը կը գտնուի Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի, որ այժմու խնամակալութեան կազմին մէջ է եւ այժմու կազմէն նոր շրջանին եւս պատասխանատուութիւն ստանձնելիք միակ անունը։

Մեզի համար ուրախառիթ էր տեղեկանալ, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի ապագան ձեւաւորելու համար պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամ եղած է՝ իսկապէս փայլուն անուններէ բաղկացեալ խումբ մը, որու անդամներուն իւրաքանչիւրը իր ընդգրկած ասպարէզին մէջ արդէն հասած է յաջողութեան եւ կեանքի այդ փորձառութեան հիման վրայ՝ բաւական ալ երիտասարդ տարիքով համայնքային ծառայութեան կոչուելու պատրաստակամութիւն զգացած է։

Երէկուան մեր զրոյցին ժամանակ հիւրերը նշեցին, որ Ս. Խաչ դպրեվանքի վարչական կառավարումը, ըստ էութեան, միշտ հաստատութեան սաներուն կողմէ իրականացուած է, սակայն, այս անգամ արդէն բացառութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Արդարեւ, այժմու կազմին մէջ միայն Ս. Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտներ չկան, այլեւ կան մեր այլ վարժարաններու շրջանաւարտները։ Սա շատ լաւ համադրութիւն մըն է եւ ինքնին կը կրէ պատգամ մը՝ մեր համայնքի բոլոր հաստատութիւններուն անխտիր տէր կանգնելու գիտակցութեան առումով։ Այս ոգին թէ՛ Դպրեվանքի շրջանաւարտներուն եւ թէ՛ այժմու խնամակալութեան կազմին տեսակէտէ բարձր գնահատուած է եւ ձեւաւորուած խնամակալութեան կազմը Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն ներս լայնախարիսխ զօրակցութեան առարկայ դարձած է։

Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճի եւ իր ընկերները երէկուան զրոյցի ընթացքին յայտնեցին, որ Ս. Խաչ դպրեվանքը արդէն ինքնաբաւ հաստատութիւն մըն է, շուրջ տասն տարիէ ի վեր կը յաջողի պահպանել իր հաւասարակշռութիւնները, իր միջոցներով կը գոյատեւէ եւ կը ջանայ հնարաւորինս օժանդակել նաեւ համայնքին։ Անոնք յայտնեցին, որ կարգ մը կալուածներու պարագային սեփականութեան իրաւունքի հարցերով ընթացքի մէջ են դատավարութիւններ, որոնց բարեյաջող աւարտի պարագային Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը պիտի տիրանայ աւելի լայն հնարաւորութիւններու եւ պիտի տնօրինէ աւելի մեծ միջոցներ։ Սա կրնայ կարելիութիւն ընձեռել նաեւ համայնքի ընդհանուրին բաժին հասած զօրակցութեան ալ բարձրացման։

Միւս կողմէ, այս խումբի ներկայացուցիչները ընտրութեան ընդառաջ երէկ ստացան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022