ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՍ…
Տակաւին Երեւան եմ...:
Թէեւ ամէն առաւօտ աշնանային մշուշ մը միշտ իր ետեւը պահած կ՚ըլլայ մեր հայրենիքի մայրաքաղաքը, սակայն ժամեր ետք, արշալոյսը կրկին անգամ կը ծնի, իբրեւ նոր օրուայ աւետում: Ի՜նչ երջանկութիւն: Ինծի համար աշխարհի բոլոր այդ հրաշալիքները չեն կրնար ունենալ նման կերպ:
Ու անկեղծօրէն ըսելով, ամէն օր, արթնցող փողոցներէն կը փորձեմ քալել: Կենդանի երակներուն նման հրապարակներու հանրային պարտէզներէն անցնիլ: Այս բոլորը կեանքիս մէջէն կ՚անցնին: Անոնք հետս կը քալեն: Արդէն իսկ, մանուկի նման խանդավառ եմ: Կը զգամ: Թերեւս, ուրիշներ չեն զգար բնոյթը այս բառին:
Ու չես գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ճամբուս ընթացքին, միշտ պիտի ուզէի հանդիպիլ հին ու նոր բարեկամներուս, ինծի ծանօթ հայրենի կրթական մշակներու, ծննդավայրէս՝ երեւանաբնակ նախկին աշակերտներուս, հայրենակիցներուս, նոյնիսկ դրացիներուս: Անբացատրելի հոգեկան վայելք: Այս բոլորը անոր համար, որպէսզի կեանքս կրկին լեցուէր վերապրելու կամքով: Ու երբ մէկու մը հանդիպէի, վայրկեանին յուշերս կրկին անգամ կը սկսէին տրոփել միտքս: Իսկապէս, որ դժուար է համրել մտածումներս: Նոյնիսկ՝ անկարելի:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, վայրկեանին հին բարեկամութիւնը մոռցած անձի մը նման հետաքրքրութիւնս կը սկսի եռալ սփիւռքեան ուղեւորի սրտիս մէջ:
Ճիշդ էր, որ մեր Հայաստանը ուրիշներուն «Արմինիա»ն էր, կ՚ըսէի մտովի, սակայն չմոռնանք, որ ան այսօր, աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր ազատ եւ անկախ գոյութիւն ունէր, կը շնչէր, կը դիտէր, կը տառապէր, կը դիմադրէր, կ՚ապրէր, կը կռուէր, զոհեր կու տար ու իր գիտցած ձեւով ալ կը գոյատեւէր: Միւս կողմէ սակայն, տեսանելի էր, թէ ինչպէ՞ս աշխարհն ալ իր կարգին բաց աչքերով զինք կը դիտէր:
Տասնամեակներ շարունակ աշխարհը մրրիկներով անցած էր իր վրայէն: Իսկ ներկայիս, տեսանելի էին, թէ ինչպէ՞ս իր հորիզոնին վրայ կուտակուած են ծանր ամպեր, որոնք ամէնօրեայ նոր մրրիկներ «կ՚աւետեն»:
Ահա թէ ինչո՞ւ, սփիւռքահայ կամ հայրենաբնակ, բոլորս ալ հակասական եւ անհաւասար տրոփումներ ունինք: Ամէնօրեայ ներքին խառնակ հոգեվիճակ:
Արդ.- ինչպէ՞ս գտնել հայ կեանքի իմաստը՝ երազի նման սահուն եւ պարզ: Ինչպէ՞ս գտնել հայրենիքի կեանքին ձեւը՝ իր գոյատեւման իմաստներով օղակուած: Պատասխանը մօտս չէ:
Ճիշդ է, որ հոս, հայրենիքէն ներս այս օրերուն ալ ամէն «բան» ճերմակ չէ: Բայց ամէն բան «գորշ» գոյն ալ չունի: Սա կը նշանակէ, որ մարդիկ՝ մտածող ու մտահոգ մարդիկ, անտարբեր չեն այս բոլոր իրականութիւններուն նկատմամբ: Կը հաւատամ, որ տակաւին կան մարդիկ, որոնք պահած են իրենց հաւատքն ու սրբութիւնը՝ հանդէպ մեր լեզուին, մեր հաւատքին եւ հայրենիքին, անոր հողին, դրօշին եւ անոր ամբողջականութեան: Որովհետեւ նաեւ կը հաւատամ, որ բոլորն ալ անխտիր, սպասուած եւ երազուած դրախտը կը փնտռեն երկրին մէջ:
Համոզուած եմ, որ Մասիսը իր տեղէն, իր վերէն՝ իր ստորոտին ապրող զաւակներու քայլերուն կը հետեւի, վերապրեցնելով յիշատակները ինծի նման հազարաւոր ուխտաւորներուն:
Տարիներ առաջ, նոյն այս հայրենիքս էր, որ ինծի համար դարձած էր կեանքիս անտես ու մեծ ընկերը, մեր հին քաղաքի ակումբէն, մեր դպրոցէն, մեր տան ու շրջապատի պատերուն վրայ ամրացած իր զանազան նկարներով:
Իսկ այսօր.- երբ երկար դադարի հանգրուան մը կ՚ուզէի ապրիլ, առաջին իսկ օրը, գուժեց Արցախի ողբերգութիւնը: Տառապալի, ցաւալի եւ անմխիթարիչ:
Ու ես թէեւ կրկին անգամներ ագահօրէն կը դիտէի լեռներու նահապետ Արարատը, եւ ինքնաբերաբար օրուան լուրերուն աւելի մօտէն սկսած էի հետեւիլ, բայց սրտիս ու մտքիս խորը կար Արցախը: Չէի ուզեր որ յոյսերս ալ մեռնէին:
Դիւրին բան չէր իրականութեան հետ հաշտուիլը: Տակաւին կը յիշեմ.- հայրենիք առաջին այցելութեանս, տղու մը նման լացած էի. իսկ յաջորդին, իսկ հիմա՝ ամէն օր եւ ամէն առիթով՝ կ՚աղօթեմ:
Չեմ ուզեր հայրենիքիս լաւին ու վատին նկատմամբ անտարբեր մնալ: Հարցերը միայն լոյսին բերելը լուծումներ չեն: Էականը անոնց լուծման ձեւն ու ուղին որոշելն է: Ճիշդ է, որ պատմութեան անիւը ծուռ դարձած է: Ու իբրեւ այս իրականութեան բնական հետեւանք՝ հայ միտքը քալած է աշխարհի բոլոր կողմերը:
Մեր երկրի կառուցումը կ՚ըսեմ մտովի, կապուած է հայ պարզ մարդուն, անոր կառուցողական ոգիին, անոր հայրենասիրական կորովին: Այսպէս կը ցանկամ տեսնել: Նման ցանկութիւններու իրականացման համար, երիտասարդ սերունդի կարեւոր ներկայութիւնն է պէտք տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային կեանքէն ներս: Մեր նոր սերունդէն կախեալ է մեր երկրի ապագան: Կը հաւատամ: Երիտասարդութեան կը պատկանի հինը նորով փոխարինելու յարմարագոյն ձեւերը փնտռելու աշխատանքը, հայու պատմական աւանդը պահելու ճիգը: Առիթ տանք նոր սերունդին... շարունակ կը կրկնեմ: Արդիական գաղափարներով օժտուած գիտակից ուսանողութիւնն է, որ նոր հայութիւն կրնայ ստեղծել: Երանի անոնց, որոնք կը լսեն ու կը հասկնան անոնց պատգամը:
Տեսանելի են, թէ ինչպէ՞ս երկրէն ներս տակաւին առկայ են յոռի բազմաթիւ կէտեր.- նախանձ, ատելութիւն, բարոյալքում, արտագաղթ, աթոռամոլութիւն, մարդոց հոգեկան մերկութիւն...: Շարքը երկար է: Կը կարծեմ, որ կարեւոր չէ հոս ի՞նչ թիւով մարդ մնացած է, կամ հասկցած է, կամ պատրաստ է հասկանլու... կարեւոր է, որ ըլլա՛նք ամբողջովին ա՛յն, ինչ որ իսկապէս էինք: Նոր հայոց պատմութիւն կերտել, գրել:
Մեր պայքարի զէնքը մեր ոգիի կողքին եղած է նաեւ մեր ապրելու կամքը:
Չմոռնանք:
Յանկարծ անդրադառնամ, որ հոս եմ, սեփական հողիս վրայ ու մտած եմ երազներուս աշխարհը: Ի՜նչ հաճոյք...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Երեւան, 10/23