ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Թ.
ԲԱՐԱԿԱՑԱՒ (TUBERCULOSIS) ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Բարակացաւի տարածումը եւ անոր զոհերուն թիւը: Անոր արտայայտութիւնները: Ասիկա վարակիչ եւ ժառանգաբար փոխանցուող հիւանդութիւն մըն է: Վարակումը ամուսնութեան մէջ: Թոքախտի նշանները: Անոր նշանակութիւնը ամուսնական կեանքի մէջ: Անոր աւերիչ ազդեցութիւնը սերունդին վրայ: Բարակացաւոտին ու անոր զաւակներուն ամուսնութեան խնդիրը:
«Իբրեւ արտայայտութիւն ժառանգական բարակացաւի, պէտք է յիշենք, -կ՚ըսէ Լանտուչին-, ընդհանուր թուլակազմութիւն, մանկայնութիւն (infantilisme), այսինքն՝ մանկական արտաքին (որ մինչեւ վերջ կը պահպանուի), կուրծքի անկանոն կազմ (կուրծքը նեղ կ՚ըլլայ, սեղմուած կողերէն, ինչպէս կ՚ըսեն՝ հաւի կուրծքի ձեւ ստացած), թոքերու կամ սիրտի անկանոնութիւններ, շրթնահեղձութիւն (վերի շրթունքի հեղձում), արգանդային կեանքին մէջ յառաջացած ազդրի յօդախախտումը, խուլ-համրութիւն, ողնաշարի կորութիւններ, րաշիտիզմ (անգլիական հիւանդութիւն) եւ խլախտ, ինչպէս նաեւ ջղային վնասուածքներ, եւ այլն»:
Բարակացաւ ունեցողներուն զաւակները նրբակազմ, չափազանց նուազարիւն, նազուկ կմախքով, բարակ, թափանցիկ մաշկով, բարակ անդամներով, խուլախտոտ կ՚ըլլան, ենթակայ՝ մաշկի, գեղձերու, աչքի, ականջի զանազան տեսակի հիւանդութիւններու:
Ընդհանրապէս բարակացաւ ունեցող ծնողներու աղջիկն ու տղան չափազանց հետաքրքրական կ՚ըլլան իրենց գունատ եւ նրբագիծ դէմքով, բարի, թափանցիկ աչքերով, հեզ բնաւորութեամբ, արտակարգ ընդունակութիւններով, իտէալական հայեացքներով եւ սիրտի թռիչքներով, անձնուիրաբար սիրելու փափաքով, մելամաղձոտ՝ բանաստեղծական բնաւորութեամբ:
Այս պատճառով անոնք չափազանց համակրելի էակներ են եւ հետաքրքրական: Իրապէս, ասոնք շատ հեշտալի են եւ շուտ կ՚ամուսնանան, կարծես մահուան շունչը առնելով, ապրելու կատաղի պահանջ մը կը զգան:
Ի՞նչ պատասխան պիտի տայ բժիշկ մը, որու կը դիմէ թոքախտաւոր կամ կասկածելի առողջութեան տէր՝ թոքախտաւորի մը զաւակը այն հարցով, թէ կրնա՞յ ամուսնանալ, թէ՞ ոչ: Ինչքա՛ն դժուար է վճռողական ո՛չը արտասանել, որ բժիշկին ներքին համոզմունքն ու խիղճը կը թելադրէ: Ինչպէ՞ս փշրել մատաղ սիրտի ամենէն գեղեցիկ յոյսերը. մէկ խօսքով, ինչպէ՛ս փլել ապագայ երջանկութեան հրաշակերտ պալատները, որ տարիներու ընթացքին հիւանդին դիւրաբորբոք երեւակայութիւնը երազած է…:
Դժուար է ոեւէ մէկը դատապարտել՝ միակեցութեան, ամուրիութեան, ընտանիքէ զուրկ մնալու տաղտկալից կեանքի: Ի՞նչ սոսկալի զոհաբերութիւն է, որ թոքախտաւորէն կամ անոր ժառանգէն կը պահանջուի. խեղդել իր մէջ բուռն սէրը, կին, զաւակ ունենալու երջանկութեան բաղձանքը: Բայց միւս կողմէ ի՜նչպէս դառն է առողջ, սիրած էակ մը մատնել վարակուելու սպառնալիքին, ու ամբողջ սերունդներ՝ վաղաժամ մահուան կամ ֆիզիքական արատաւորման: Ծնող մը ի՜նչ աչքով պիտի նայի իր նիհար, հիւանդ, կիսազարգացած զաւակին, որու ամբողջ կեանքը անընդհատ տանջանք պիտի ըլլայ:
Թոքախտաւորը յանուն ապագայ սերունդներու բարօրութեան, յանուն մարդասիրութեան, յանուն ազնուութեան իր կեանքը ուրիշի մը հետ պէտք չէ կապէ:
Գողին կը պատժեն, մարդասպանին՝ որ մէկու մը կեանքը ոչնչացուցած է՝ կը գլխատեն, այն ալ երբեմն ակամայ կերպով, բայց չէ՞ որ թոքախտ ունեցողը գիտակցօրէն ո՛չ թէ մէկ, այլ՝ քանի մը մարդկային էակներ, թերեւս ամբողջ ցեղ մը անբախտութեան, տանջալից կեանքի եւ սոսկալի մահուան կը դատապարտէ:
Մեր մէջ երկսայրաբանութիւն մը (dilemma) դրուած է՝ ժամանակաւորապէս քաղցրացնել թոքախտաւորի մը կարճատեւ կեա՞նքը, թոյլ տալով անոր պսակուիլ, թէ՞ կնոջ մը ու անոր զաւակներուն կեանքը փրկել:
Տակաւին ո՛չ մէկ օրէնք կ՚արգիլէ թոքախտաւորին ամուսնանալ: Թերեւս շուտով այդ ահագին պակասը կը լրացուի եւ այս երկսայրաբանութիւնը կը վճռուի, բայց մինչեւ այդ ցանկալի ժամանակները հիւանդը ինք իր երջանկութիւնը պիտի զոհէ ու ամուրի մնայ, չմոռնալով, որ մարդիկ յաճախ զոհաբերութեան մէջ սփոփանք ու հանգիստ կը գտնեն…:
Բարեբախտաբար բարակացաւը որոշ սկզբնական շրջաններու բուժելի հիւանդութիւն է: Թո՛ղ բժշկուին կասկածելիները եւ երբ առողջանան, բժիշկի խորհուրդին համաձայն թող առաջնորդուին:
Նոյնը պէտք է ըսել նաեւ ժառանգական բարակացաւի մասին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի բարակացաւոտի որդիին, մենք չենք կրնար արգիլել անոր ամուսնանալ, միայն անհրաժեշտ է, որ ան մինչեւ 25-30 տարեկան հասակը բոլորովին առողջ եղած ըլլայ եւ ո՛չ մէկ կասկածելի երեւոյթ ունենայ վրան. իսկ այդպիսի դէպքերը բարեբախտաբար հազուագիւտ չեն:
Ժ.
ՋՂԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ
Մեր «ջղային դարը»: Հասարակական կեանքի զարգացումն ու մտաւոր մրցումը, իբրեւ գլխաւոր պատճառ ջղային տկարութեան, կամ ջղաթուլութեան: Ջղաթուլութեան եւ անոր բնորոշ գիծերը: Արգանդախեղդ (hysteria) եւ անոր նշանները: Ընկնաւորութիւն: Խելագարութիւն: Ջղային դրութիւնները եւ անոնց բացատրութիւնը: Ախոնդացաւ (hypochondria) եւ մելամաղձոտութիւն: Ջղայնոտը եւ ամուսնութիւն:
Ջղային դա՜ր:
Այդ անունը ստացաւ 19-րդ դարը, շնորհիւ այն անսովոր տենդային գործունէութեան, որ ան ցոյց տուաւ:
Հասարակական կեանքը բարդացաւ, պահանջները շատցան, մրցակցութիւնը դժուարացաւ եւ կեանքին կռիւը մարդէն սկսաւ միտքի եւ ընդունակութիւններու յաւելեալ եւ աւելի մեծ պրկում պահանջել:
Միւս կողմէ, հաղորդակցութիւններու դիւրացումը յառաջ բերաւ տարբեր քաղաքակրթութեան տէր ազգերու անդադար շփումը, ուրկէ կը բխի ընդօրինակումի անդիմադրելի ձգտումը եւ մարդիկ սկսան իրարմէ կրկնօրինակել այն ամէն ինչը, ինչ որ զիրենք իրարմէ կը զատէր: Ցած քաղաքակրթութեան աստիճանի վրայ գտնուած անհատները բարձրերուն հաւասարելու համար ճիգ կը թափէին, իւրացնելու անոնց գաղափարները, ապրելու անոնց կեանքով, խօսելու անոնց լեզուով…:
Մրցակցութիւնը ֆիզիքական ըլլալէ դադրած էր: Զէնքը՝ գիտութիւնն ու արհեստն էին: Մարդիկ կը կռուէին հնարագիտութեամբ, ճարպիկութեամբ, գիտութեամբ եւ խելքի ճկնութեամբ: Դպրոցը նորանոր սերունդներ սկսաւ կրթել ճիշդ այս ուղղութեամբ, հարստացնելով անոնց մտաւոր աշխարհը, ծայրայեղ զարգացումի հասցնելով անոնց հոգին՝ ի վնաս մարմինի, որ ընդհակառակը, առանց խնամքի ձգուած, երթալով կը թուլնար ու կը նուաստանար:
Եւ, իրապէս, մտաւոր զարգացումի պահանջքը կեանքի կռուի համար այնքան մեծ էր, որ ֆիզիքականը բոլորովին անտեսուած էր եւ մոռցուած էր հին իմաստալից առածը, թէ՝ առողջ միտքը առողջ մարմինի մէջ է:
Ի վերջոյ, քաղաքային կեանքի զարմանալի զարգացումը, քաղաքներու արագ աճումը, որոնք դարձած են մարդկային մրջնանոցներ, որոնց մէջ միլիոնաւոր էակներ կը խլրտան կտոր մը հացի ետեւէ ինկած, կամ անգործ, շուայտութեան եւ զեղխութեան մէջ խրուած, ջլատելով իրենց կենսական ուժերը, մէկը՝ արհեստանոցներու թունաւոր օդին մէջ, միւսը՝ գինետուներուն մէջ, երրորդ մը՝ մտաւոր անչափաւոր աշխատութեան մէջ…:
Տակաւին, երեւան եկան ջղային դրութեան այս արտասովոր, այս անտանելի ճնշման հետեւանքները. ջղային տկարութիւն, կամ ջղաթուլութիւն:
Իւրաքանչիւր գործարան, մարմինի իւրաքանչիւր մաս, իւրաքանաչիւր համակարգութիւն (ըլլայ մկանային կամ ջղային), երկար արտաուժ աշխատանքէ ետք, ուժասպառ կ՚ըլլայ: Նոյնը կ՚ըլլայ նաեւ ջղային համակարգին: Ան կը թուլնայ, կ՚ընկճուի, կը կորսնցնէ իր դիմացկոտութիւնը եւ թուլացումը, անշուշտ, անմիջապէս մարդուն կազմուածքին վրայ կ՚անդրադառնայ:
Բայց ասիկա ամբողջը չէ տակաւին:
Մեր նկարագրած երեքգլխանի ճիւաղը՝ բարակացաւը, սիֆիլիսը եւ ալքոհոլիզմը, սարսափելի դղրդիւն կը պատճառեն մարդուս ամբողջ կազմուածքին մէջ, չխնայելով, անշուշտ, նաեւ ջղային համակարգը:
Ալքոհոլիզմը իրաւացի կերպով «ջղային թոյն» կը համարուի: Սիֆիլիսը շատ յաճախ մարդուս ուղեղը, ողնածուծը կը հարուածէ, շարք մը ջղային վնասներ ու հիւանդութիւններ յառաջացնելով, մինչեւ իսկ խելագարումի հասցնելով: Իսկ բարակացաւը, կեանքի հիւթերը ծծելով, արեան կենսատու ուժը պակսեցնելով, նոյնպէս ընդհանուր թուլացումի կը հասցնէ ջղային համակարգը, կամ ուղեղի սրընթաց մահացու բորբոքում կը յառաջացնէ:
Ջղային այս բոլոր խանգարումները (միեւնոյնն է, անոնք յառաջացած կ՚ըլլան թէ՛ տենդային արագընթաց կեանքէն եւ թէ հիւանդութիւններէն) ժառանգաբար սերունդէ սերունդ կ՚անցնին. ինչքան ալ նոյն պայմաններու մէջ գտնուելով, առաւել եւս ջղային կը դառնան, եւ այսպէս շարունակ:
Ջղային հիւանդութիւններու արտայայտութիւնները այնքան շատ են, որ անոնց մանրամասն նկարագրութիւնը հատորներ կը կազմեն:
Մենք թեթեւ ակնարկ մը միայն կը նետենք այս հիւանդական դրութիւններուն վրայ:
Ջղային տկարութիւնը կամ ջղաթուլութիւնը, կարելի է ըսել, ջղային ուժի սպառումով կը բնորոշուի, որ խելքի ու զգացմունքներու (հոգեր, մտաւոր պարապմունք, սաստիկ կսկիծ, վիշտ) ծայրայեղ լարումի հետեւանք է:
Այս հիւանդները առանձին ճնշում եւ ծանրութիւն կը զգան իրենց գլուխին մէջ, որ կը դժուարացնէ մտաւոր կանոնաւոր աշխատութիւնը: Հիւանդները աշխատանքի մէջ իրենց տոկունութիւնը կը կորսնցնեն: Օրինակ, անկարող կը դառնան երկար ժամանակ գրելու կամ կարդալու: Յաճախ անքունութենէ կը տառապին, որմէ, անշուշտ, աւելի յոգնածութիւն կը զգան: Բնաւորութիւնները կը վատնան՝ մռայլոտ ու մելամաղձոտ կը դառնան:
Թեթեւ ձեւի ջղաթուլութիւնը արդի հասարակութեան մէջ այնքան տարածուած է, որ ո՛չ մէկ հմուտ աչք կրնայ նկատել զայն ու մարդիկ կը շարունակեն իրենց գործերով զբաղիլ:
Բայց ծանր պարագաներու հիւանդը ամբողջութեամբ կը կորսնցնէ իր աշխատելու ընդունակութիւնը եւ անուշադրութեան կը մատնէ իր գործերը, այնքան կը թուլանան անոր ֆիզիքական եւ մտաւոր ուժերը:
Այս բոլորին կ՚աւելնան ցաւեր (մէջքի, անդամներու, գլուխի, եւ այլն), սիրտի բաբախում, մարսողական դանդաղում, ընդհանուր անսննդութիւն:
Մենք այստեղ կանգ կ՚առնենք աւելի խոշոր ջղային եւ հոգեկան խանգարումներու եւ հիւանդութիւններու վրայ, որովհետեւ ատոնք մեծ դեր կը խաղան ամուսնութեան մէջ:
Այս կարգի հիւանդական դրութիւններու մէջ հիմնական գիծ մը կը նկատուի, այն է՝ ես-ի նուաստացումը եւ ընկճումը շրջապատող դրդիչներուն առջեւ. ջղայնոտ մարդը այնքան ներքին ուժ չունի, որ ի վիճակի ըլլայ դիմադրել արտաքին երեւոյթներու ազդեցութեան:
Արտաքին դրդումին եւ ես-ին մէջ անընդհատ ընդհարումներ կան: Բնական մարդու մէջ ես-ը աւելի զօրաւոր կը հանդիսանայ եւ կը յաղթէ դուրսէն ստացած դրդումին. այդ է որ կը կազմէ մեր կամքի ազատութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը: Թուլաջիղին ես-ը դիւրութեամբ կ՚ընկճուի, անոր բնաւորութիւնը անհաստատ է, ան դիւրութեամբ ենթակայ կ՚ըլլայ շրջապատող անձերուն կամ հանգամանքներու ազդեցութեան. դիւրաթեք է, դիւրին համոզուող, մէկ խօսքով՝ զուրկ համոզմունքներէ, կամքէ, ես-ի անկախութենէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 22
Վաղարշապատ