ԳԼՈՏԻԱ ԵԱՂՍԸԶՕՂԼՈՒԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Գնա­լը կղզիի մէջ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը ե­րէկ ող­ջու­նե­ցին ե­րի­տա­սարդ ա­րուես­տա­գի­տու­հի Գլո­տիա Էտ­նա Եաղ­սը­զօղ­լուի ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը։ «Ճաշ» ճա­շա­րա­նէն ներս բա­ցուած ցու­ցա­հան­դէ­սը խո­րագ­րուած էր «Նե­րաշ­խար­հիս գոյ­նե­րուն ձայ­նը»։ Իլ­լիւսթ­րա­սիոն­նե­րու եւ հա­մա­տեղ ծրագ­րա­ւոր­ման գոր­ծե­րու ցու­ցա­հան­դէս մըն էր այս մէ­կը, ո­րու շրջագ­ծով Գլո­տիա Եաղ­սը­զօղ­լուի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ու­շադ­րու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձուե­ցան այ­ցե­լու գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն կող­մէ։ Իր ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սին օ­րը Գլո­տիա Էտ­նա Եաղ­սը­զօղ­լու շրջա­պա­տուած էր ծնող­նե­րուն՝ Ե­րուանդ-Է­լի­զա­պէթ Եաղ­սը­զօղ­լու ա­մո­լին կող­մէ։ Ձեռ­նար­կի այ­ցե­լու­նե­րու շար­քին էր նաեւ ա­րուես­տա­գէտ Կիւր­պիւզ Էք­շիօղ­լու, որ եւս դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ գոր­ծե­րուն շուրջ։

Գլո­տիա Եաղ­սը­զօղ­լու ծնած է 1999 թուա­կա­նին, Իս­թան­պու­լի մէջ։ Ան ներ­կա­յիս կ՚ու­սա­նի Սէն-Պէ­նուա ֆրան­սա­կան լի­սէին մէջ։ Փոքր տա­րի­քէն ի վեր գե­ղա­րուես­տի նկատ­մամբ ու­նե­ցած է հե­տաքրք­րու­թիւն եւ յատ­կու­թիւն։ Զբա­ղած է ե­րաժշ­տու­թեամբ ու պա­լէով եւ ա­ւե­լի վերջ իր քայ­լե­րը ուղ­ղած՝ դէ­պի նկար­չու­թիւն։ Բազ­մա­կող­մա­նի զբա­ղում­նե­րու հե­տա­մուտ Գլո­տիա Եաղ­սը­զօղ­լու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սկզբնա­կան քայ­լեր կ՚առ­նէ՝ ու­սուց­չա­գոր­ծե­լու հա­մար։ Ցարդ մրցա­նակ­նե­րու ալ ար­ժա­նա­ցած է իր մաս­նակ­ցած շարք մը մրցոյթ­նե­րու ար­դիւն­քին։

Մին­չեւ Օ­գոս­տո­սի 12-ը բաց պի­տի մնայ Գլո­տիա Եաղ­սը­զօղ­լուի ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք զին­քը եւ իր ծնող­քը՝ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2015