ԲԱԶՄԱԲՈՎԱՆԴԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը։ Աշխատանքներու մեկնարկին արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւէտ աշխատանքի համար Ս. Հոգւոյ առաջնորդութիւնը հայցեց ժողովականներուն։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին սպառնալիքներուն, երկրի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն, Մայր Տաճարի վերաօծման ու Միւռոնօրհնութեան կազմակերպման, եկեղեցական-հայեցակարգային նիւթերու վերաբերեալ հարցեր։ Քննարկման առարկայ կը դառնան նաեւ եկեղեցավարչական, թեմական, կրթադաստիարակչական զանազան խնդիրներ։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ամերիկայի հայկական համագումարի (ԱՀՀ) պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Քերըլայն Մուկարի, որուն կ՚ընկերանային համանախագահներ Վան Գրիգորեան եւ Էնթընի Պարսամեան, ինչպէս նաեւ գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունի։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի առկայ անվտանգային հիմնախնդիրներուն, երկրի ներքին քաղաքական ու բարոյահոգեբանական իրավիճակին։ Կարեւորուեցաւ աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ ուղղուած ժողովուրդի միասնութեան ու համերաշխութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ համընդհանուր ջանքերու մէկտեղումը՝ ի նպաստ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ հայրենիքի զօրացման։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024