ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միկէլ Անխէլ Մորաթինոսը, որ նաեւ Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձր յանձնակատարն է։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Մորաթինոսի ուշադրութիւնը հրաւիրեց տարածաշրջանի առկայ ծանր իրավիճակին եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն վրայ։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ զաւթուած սահմանամերձ տարածքներուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Պաքուի մէջ ի պահ դրուած պատանդներուն ու գերիներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման խնդիրներուն։ Ան այս բոլորի արդար հանգուցալուծման համար կարեւորեց միջազգային հանրութեան, բարեկամ երկիրներու գործուն աջակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց, այն քայլերուն համար, որոնք ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքին կողմէ կ՚առնուին մարդու իրաւանց պաշտպանութեան եւ հոգեւոր-մշակութային արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Մորաթինոս Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի գործունէութեան հիմնական ոլորտները։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ իր ղեկավարած այս դաշինքի լիազօրութիւններու շրջանականերէն ներս շարունակել նպաստել բարձրաձայնուած հիմնախնդիրներու կարգաւորման։

Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան այլ զանազան նիւթեր. օրինակ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեխնամ առաքելութիւնը, առկայ ծանր իրավիճակին մէջ անոր կողմէ կեանքի կոչուած ծրագրերը, Արցախի հայոց ոտնահարեալ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով գործակցութիւնը՝ քոյր եկեղեցիներու եւ միջազգային ու միջեկեղեցական պատկան կառոյցներու հետ։ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առումով կարեւորուեցաւ նաեւ՝ իրավիճակի գնահատման համար անկախ փորձագէտներու առաքելութեան մը կազմակերպումը, նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2024