ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ կը շարունակէ Գումգաբուի մէջ ընդունիլ շնորհաւորութեան այցելութիւններ։ Այս ծիրէն ներս երէկ Պատրիարքարան այցելեցին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններէ դէմքեր եւ այլ հիւրեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանակին մէջ հիւրընկալեց նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահանը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Թալին Էրկիւնէշ Կազէր։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ զրոյց մը ունեցաւ Ռեսուլ Էմրահ Շահանին հետ, որ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց Թուրքիոյ հայ համայնքին։
Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց նաեւ պոլսահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Տաղաւարի յաջորդած այս աւանդական հաւաքոյթը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին ընդգծեց իգական սեռի մղիչ ուժ ըլլալու հանգամանքը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ան գնահատեց տիկնանց յանձնախումբերուն կողմէ տարուած գործունէութիւնը՝ մաղթելով յարատեւութիւն։
Հուսկ, աջահամբոյրի ընթացքին, Նորին Ամենապատուութիւնը տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն նուիրեց նուռեր։