ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԱՄՈԼԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԳՐՔԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
«Փարոս» ամսագրի առընթեր գործող հրատարակչութիւնը այս շրջանին ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է Անիի աւերակներուն վերաբերեալ հետաքրքրական գիրք մը։ 1910 թուականին, հոգելոյս Տ. Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեանի կողմէ հեղինակուած «Նկարագրութիւն Անիի աւերակներուն» գործին թրքերէն թարգմանութիւնն է այս մէկը։ Այդ ժամանակ քաղաքիս «Մատթէոսեան» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած գործը թարգմանուած է Սաթենիկ Ուստայի եւ Անահիտ Հազարեանի կողմէ։ Մայտա Սարիսի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած թրքերէն թարգմանութիւնը կը բովանդակէ ճոխ տեսողական առարկաներ, որոնց շարքին մեծ արժէք կը ներկայացնեն աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած դրուագները։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքը լոյս տեսած է մեր համայնքի հիմնական բարերարներէն՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս-Լետա Շիրինօղլու ամոլին հովանաւորութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, այս գրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան առընթեր որպէս մշակոյթի կեդրոն գործող՝ Իսթիքլալ պողոտայի «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով մշակութասէրներ եւ ընթերցասէրներ։ Ներկաներու շարքին էին Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիս, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, հովանաւոր Պետրոս եւ Լետա Շիրինօղլու ամոլը եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր։
Գինեձօնի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս, որ երեկոյթի տեւողութեան առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Պետրոս Շիրինօղլուին։ Այդ յուշանուէրը Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած մեծադիր լուսանկար մըն էր։
«Անցեալի ուժասպառ վկաները՝ Անիի աւերակները» խորագրով հրատարակուած գիրքին շուրջ արտայայտուեցաւ նաեւ Սաթենիկ Ուստա։ Իր կարգին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ ճարտարագէտ Եավուզ Էօզքայա, որ ընդգծեց, թէ Անիի աւերակները ԻՒԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մաս կազմելու ճամբուն վրայ է։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց մը ունեցան իրարու միջեւ եւ իրենց գնահատանքը արտայայտեցին այս ծրագրին մասնակցութիւն բերած բոլոր դէմքերուն նկատմամբ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024