ԱՐԻՍ ԹԻՐԵԱՔԻԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԼՈՂԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Ա­րիս Թի­րեա­քիեան լո­ղի մէջ կա­յուն թա­փով կ՚ար­ձա­նագ­րէ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ վեր­ջերս նուա­ճած է Իս­թան­պու­լի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը։ 15-17  Մարտ թուա­կան­նե­րուն ան մաս­նակ­ցած է միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցա­շար­քի մը եւ աստ­ղե­րու գծով ե­ղած է քա­ղա­քի ա­խո­յեան։ Ե­րեք օր տե­ւած մրցակ­ցու­թեան շրջագ­ծով Ա­րիս Թի­րեա­քիեան իր մաս­նակ­ցած բո­լոր մրցում­նե­րուն մէջ յա­ջո­ղած է նուա­ճել ա­ռա­ջին ե­րեք կար­գե­րէն մին։ 200 մեթ­րի թի­թեռ­նի­կա­ձեւ ո­ճին մէջ ե­ղած է Իս­թան­պու­լի ա­խո­յեան։ Այս ար­դիւն­քով ան Է­սաեան վար­ժա­րա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ մօ­տա­լուտ Թուր­քիոյ ա­ռաջ­նու­թեան ըն­թաց­քին։

Ա­րիս Թի­րեա­քիեա­նի այս յա­ջո­ղու­թիւ­նը մեծ ու­րա­խու­թեան ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն ներս։ Ան յա­ջող մար­զիկ մը ըլ­լա­լու ա­ռըն­թեր յա­ջող ա­շա­կերտ մըն է եւ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ մեծ հա­մակ­րան­քի ար­ժա­նա­ցած է դպրո­ցէն ներս։

Կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­րիս Թի­րեա­քիեա­նը եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք ի­րեն։

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016