ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ
Համաշխարհային թատրոնի օրուան շարժառիթով երէկ երեկոյեան Կալաթասարայի «Ճեզայիր» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը։ Շահեկան այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի ջանքերով։ Թատերասէրներու կոկիկ բազմութեան մը հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ բանախօսութիւնը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան թատրոնի աշխարհէն խումբ մը ծանօթ դէմքեր՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու, Այշան Սէօնմէզ, Ֆըրատ Կիւլլիւ, Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, ինչպէս նաեւ յայտնի հեղինակ Երուանդ Պարէտ Մանոք։
Ատենախօսները երեկոյթի ընթացքին շահեկան բացատրութիւններ տուին օսմանեան շրջանէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ թատերական շարժումի զարգացման եւ այդ ամբողջին մէջ հայոց կողմէ բերուած անփոխարինելի ներդրման կապակցութեամբ։ Բանախօսներուն առընթեր, Զէքիեան Գերապայծառն ալ ելոյթով մը հանդէս եկաւ օրուան նիւթին շուրջ։