ՈՒ ՆԱՅԻՐԵԱՆ ԱՂՋԻԿՆԵՐԻ ՀԵԶԱՃԿՈՒՆ ՊԱ՛ՐՆ ԵՄ ՍԻՐՈՒՄ…
Չարենցի տողերը մեր մտքին մէջ էին երէկ երեկոյեան. «… Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պա՛րն եմ սիրում…»։ Անմահ բանաստեղծին տողերը վերարժեւորուեցան մեր ականատես եղածով։ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը կախարդական ելոյթ մը պարգեւեց թրքահայ գեղարուեստասէրներուն։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Պարի պետականին ելոյթը։ Ձեռնարկը բոլոր առումներով արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը եւ ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր՝ անմոռանալի դարձաւ բոլորի յիշողութեան մէջ։ Կազմակերպիչները աւելի քան երեք ժամուան երկար ծրագիր մը պատրաստած էին հանդիսատեսներուն համար։ Մթնոլորտը այնքան տպաւորիչ էր, որ առանց պահ մը իսկ ձանձրանալու, շուրջ երկու հազար հանդիսատեսները մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան երեկոյթի յայտագրին, որու ողնայարը կազմեցին Պարի պետականին ներկայացուցած պարերը։ «Մարալ»ի տղաքն ալ անանտեսելի յաջողութիւն մը արձանագրեցին եւ իրենց տեսանկիւնէն, բնականաբար, անբացատրելի հպարտութիւն մըն էր Պարի պետականին հետ նոյն բեմը բաժնելը։
Երազային երեկոյթ մը ապրեցան հանդիսատեսները, որոնք ակամայ զարթնեցան՝ յայտագրի աւարտի որոտընդոստ ծափահարութիւններով։ Երազային այդ բնորոշումը իսկապէս չափազանցութիւն չէր, որովհետեւ բոլորը պահ մը կը մտածէին, թէ իրականութի՞ւն էր իրենց տեսածը, այդ պատկառելի տեսարանը։ Եւ այդքան կեդրոնացած ծրագրին հետեւելէ վերջ, երազէ մը արթննալու նմանութեամբ՝ բոլորը պահ մը կը դժուարանային բոլոր մանրամասնութիւնները յիշելու։ Պարի պետականը բառին բուն իմաստով աննկարագրելի աշխարհ մը առաջնորդեց իր հանդիսատեսները, որոնք այդ աշխարհին մէջ նոյնացան խումբի անդամներուն հետ, վերացան անոր որակով ու մակարդակով, տպաւորուեցան ճկուն շարժումներով, պարերու թափով եւ երաժշտութեան հմայքով։
Երէկուան ձեռնարկը համախմբեց մեր համայնքէն հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ, որոնց շարքին էին հոգեւոր հայրեր, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հասարակական գործիչներ։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ շնորհիւ համայնքային յայտնի ու երախտաշատ բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ձեռնարկը պատուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ կազակերպիչներուն կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը յանձնեց Երկանեաններուն։ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ալ յուշանուէր մը յանձնեց Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարընին, որ եւս անփոխարինելի նպաստ մը բերած է այս վիթխարի ձեռնարկին։ Երեկոյթի աւարտին «Մարալ»ի ընտանիքին անունով բեմին վրայ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Հայաստանի Պարի պետական համոյթին։
Հարկ է արձանագրել, որ այս ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ անփոխարինելի դերակատարութիւն մը ունեցաւ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, որ գերմարդկային ջանքով մը համակարգեց ամբողջ աշխատանքները։ Ան ամուր գործակցութեան կապեր հաստատեց Պարի պետականի գլխաւոր պատասխանատուներուն՝ Էրիք Չանչուրեանի, Ասատուր Կարապետեանի եւ Հայկ Գրիգորեանի հետ։ Բաց աստի, Կարպիս Չափքան յաջողեցաւ զօրաշարժի մթնոլորտ մը ստեղծել «Մարալ»ի ընտանիքէն ներս, որու բոլոր օղակները՝ պարող երիտասարդներէն սկսեալ, մինչեւ ձեռնարկի կարգադիր յանձնախումբի անդամները Կարպիս Չափքանի եռանդին ու փորձառութեան հետեւեցան մեծ կարգապահութեամբ։ Հետեւաբար, Կարպիս Չափքանի տեսած գործը ամէն գնահատանքէ վեր կը համարուի՝ երէկուան ձեռնարկի պատկառելի արդիւնքի լոյսին տակ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024