ԶԻՊԷՉ-Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԸ

ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցաւ՝ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փակ­ման առ­թիւ։ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ռըն­թեր գոր­ծող «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԶԻ­ՊԷՉ-ի տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Ներ­կայ էին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն Կար­պիս Փո­լատ, ԶԻ­ՊԷՉ-ի վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Սի­րան Սուր­քի, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, ծնող­ներ, հիւ­րեր, ինչ­պէս նաեւ մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բեր։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Նա­թա­լի Էօզ­քա­յա­յի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ԶԻ­ՊԷՉ-ի տնօ­րէն Կիւլ­ֆի­տան Էօ­վիւչ։ Բեմ հրա­ւի­րուե­ցան այն բո­լոր մաս­նա­գէտ ու­սու­ցիչ­նե­րը, ծնող­ներն ու կա­մա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց նպաս­տը կը բե­րեն ԶԻ­ՊԷՉ-ի գոր­ծու­նէու­թեան։ Ծա­փող­ջոյն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ա­նոնց յանձ­նուե­ցան ծա­ղիկ­ներ։

ԶԻ­ՊԷՉ-ի տղա­քը տար­վեր­ջի հան­դէ­սին առ­թիւ պատ­րաս­տած էին ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր մը։ Զէյ­թին­պուր­նուի Ժո­ղովր­դա­կան կրթու­թեան կեդ­րո­նի մաս­նա­գէտ­նե­րը մար­զած էին տղա­քը։ Այդ կեդ­րո­նի տնօ­րէ­նը՝ Օր­հան Ա­քեըլ­տըզ հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նեց ող­ջոյ­նի խօսք մը։

Ա­ւե­լի վերջ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին հան­դէս ե­կաւ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Մա­րալ Ա­դա­ման, որ ԶԻ­ՊԷՉ-ի տղոց հետ ներ­կա­յա­ցուց օ­րուան վեր­ջին եր­գը։

Տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սին առ­թիւ սար­քուե­ցաւ նաեւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լո­րը յա­ջո­ղու­թիւն եւ կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին վար­չա­յին­նե­րուն՝ որ­պէս­զի ԶԻ­ՊԷՉ-ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ըլ­լայ յա­րա­տեւ։  

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016