ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԱԳՍՈՒՏ ԿԱՌԱՎԱՐԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Մագսուտ Կառավարեան։ Ընկերային կեանքէ ներս անսահման համակրանքի առարկայ դարձած դէմք մըն էր Մագսուտ Կառավարեան, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ունէր մեծ վարկ։ Ան իր սերունդի եզակի անձնաւորութիւններէն մին էր, կը վայելէր բարի համբաւ եւ իր կորուստը իսկապէս սուգի մատնած է ինչպէս իր ընտանիքը, այնպէս ալ բարեկամական շրջանակը։
Մագսուտ Կառավարեան կը զբաղէր առեւտուրով, մեր եկեղեցւոյ անխոնջ սպասաւորներէն մին էր նաեւ իր անսակարկ ներդրումը կը բերէր համայնքային կեանքին։ Թրքահայոց մօտաւոր անցեալի տասնամեակներուն ան իր հեզահամբոյր նկարագրով, դէմքին ժպիտով վառ ներկայութիւն մըն էր բոլոր ձեռնարկներուն ընթացքին, բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Մագսուտ Կառավարեան միեւնոյն ժամանակ մեր մամուլի առաքելութեան ի սրտէ հաւատացած, Մեսրոպեան տառերու թունդ պաշտպան մըն էր, միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ ընթերցողը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ու վաղեմի բարեկամը թերթիս ընտանիքին։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուի վաղուան ընտանեկան մահազդով։
Իր անվերադարձ ու տխուր հրաժեշտին կապակցութեամբ յարգանքով կը բերենք մեր խոնարհումը Մագսուտ Կառավարեանի բարի յիշատակին առջեւ։ Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր այրիին՝ Շուշան Կառավարեանի, զաւակներուն, քրոջ՝ Այտա Դանիէլեանի եւ համայն ընտանիքին։