ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ մեծ յար­գան­քի ու հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած պա­տուա­կան դէմք մը՝ Նա­զան Պիւ­յիւք­սի­նե­մեան։ Իր սե­րուն­դի ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մին ե­ղած է Նա­զան Պիւ­յիւք­սի­նե­մեան, որ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը բազ­մա­կող­մա­նի նպաստ բե­րած է հա­մայն­քա­յին կեան­քին։ Որ­պէս ա­րուես­տա­գի­տու­հի՝ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նով ու որ­պէս վար­չա­յին՝ իր հա­մե­րաշխ նկա­րագ­րով ան մա­տու­ցած է կա­րե­ւոր սպա­սար­կու­թիւն ու միշտ բարձր գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած՝ իր նուի­րու­մով։ Պօ­յա­ճը­գիւ­ղի Ս. Ե­րից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին մէջ ստանձ­նած է պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն, իսկ եր­կար տա­րի­ներ Գալ­ֆաեան Տան հա­մար ի սպաս դրած է իր ե­ռանդն ու պա­շա­րը՝ որ­պէս հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։

Նա­զան Պիւ­յիւք­սի­նե­մեան Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին մօ­տէն ծա­նօթ Ոս­կե­րի­չեան­նե­րու գեր­դաս­տա­նի շա­ռա­ւիղն էր։ Ե­ղած էր Է­սաեան վար­ժա­րա­նի փայ­լուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն մին։ Ան իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­ղան­դը դրսե­ւո­րած էր բազ­մա­կո­ղա­նի ձե­ւով։ Նկար­չու­հի էր, կը բա­նէր նաեւ յախ­ճա­պա­կի­նե­րու վրայ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­նէր բե­մա­րուես­տի ձիր­քեր։ 

Իր կո­րուս­տը իս­կա­պէս ցա­ւա­լի է, քիչ մըն ալ ան­ժա­մա­նակ, ո­րով­հե­տեւ Նա­զան Պիւ­յիւք­սի­նե­մեան տա­կա­ւին յառաջացած տա­րի­քի մը մէջ չէր։ Դժբախ­տա­բար ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ան ան­ցուց ցա­ւա­լի ար­կած մը եւ իր գլու­խը են­թար­կուե­ցաւ հա­րուա­ծի։ Բժշկա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը դժբախ­տա­բար մնա­ցին ա­պար­դիւն։ Իր ըն­տա­նի­քը եւ ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կը խո­րա­պէս կը սգան իր մա­հը։ Այս դառնակսկիծ կորուստը ցնցիչ է հանգուցեալի ընտանիքին եւ բարեկամական շրջանակին հա-մար՝ երկար տասնամեակներու քաղցր յուշերու արհեսական ընդհատումով։

Այս տխուր առ­թիւ մեր խո­նար­հու­մը՝ Նա­զան Պիւ­յիւք­սի­նե­մեա­նի բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ ու մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ իր ա­մուս­նոյն՝ Սե­փոն Պիւ­յիւք­սի­նե­մեա­նի եւ ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016