ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Սա­մա­թիոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան լի­սէի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն վկա­յա­կա­նի բաշխ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Քա­ռա­սուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րը շքեղ տո­ղանց­քով մը ներ­կա­յա­ցան բա­ցօ­թեայ ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք ջերմ զգա­ցում­նե­րով ող­ջու­նե­ցին զա­նոնք։

Հա­ւա­քոյ­թը պա­տուեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, ո­րու կող­քին էր՝ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին՝ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րուն ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին՝ դպրո­ցի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­րէտ Քա­րա­պու­լութ եւ տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու։ Յա­նուն ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րու ծնող­նե­րուն խօսք ա­ռին՝ Խա­չիկ Սա­րը­լը եւ Տիա­նա Գու­յում­ճու։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ո­րու հա­մոզ­մամբ՝ յա­ջող ա­շա­կերտ­ներ հասց­նե­լը յա­ջո­ղու­թիւն մըն է նաեւ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Ան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց՝ որ­պէս­զի եր­բեք չմոռ­նան ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը։ «Օր մը դուք պի­տի ղե­կա­վա­րէք մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ ան։

Ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­ներն ու յու­շա­նուէր­նե­րը։ Բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րը՝ Դար­բին Մըխ­ճըօղ­լու,  Ի­զա­պէլ Չամ եւ Ա­նի Գու­յում­ճու, ո­րոնց յանձ­նուե­ցան մրցա­նակ­ներ։ Ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջին եր­կու­քը ար­տա­յայ­տուե­ցան ի­րենց դա­սըն­կեր­նե­րուն ա­նու­նով։

Ծրագ­րի ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թա­քին հա­տուե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։ Տղա­քը թէ՛ ըն­դու­նե­ցին ի­րենց յղուած շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ թէ՛ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին ա­պա­գա­յի հա­մա­ր։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016