ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ

Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հրա­ժեշտ տուաւ վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան հունձ­քին։ Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լորտ։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցով, դպրո­ցի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը Գում­գա­բուի մէջ հա­մախմ­բուե­ցան՝ ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը ստա­նա­լու հա­մար։ Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս նկա­րա­հա­նուե­լէ վերջ, Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­նոնք նախ ո­գե­կո­չե­ցին ի­րենց վար­ժա­րա­նի ե­րա­նաշ­նորհ հիմ­նա­դի­րը՝ հո­գե­լոյս պատ­րիարք Ներ­սէս Արք. Վար­ժա­պե­տեա­նը։

Ա­ւե­լի վերջ սրա­հի եր­դի­քին տակ սկսաւ հան­դէ­սը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էին Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կար­պիս Պալ­մում­ճու, կրթա­կան մշակ­ներ, ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Կեդ­րո­նա­կա­նի այս տա­րուան 44 շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցան բո­լոր հան­դի­սա­կան­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք ող­ջու­նե­ցին տղոց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ծա­փող­ջիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը։ Ա­նոնց յանձ­նուե­ցան նաեւ գիր­քեր եւ այլ նուէր­ներ։ Ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի յա­ջո­ղա­գոյն­ներն են՝ Ա­րամ Մար­քօ Թու­րաչ, Առ­լին Թունչ, Մա­րիամ Մի­րայ Մըղ­տը­սեան, Նաի­րի Գալ­փա­քեան եւ Նա­տին Քիւրք­ճի­ւօղ­լու, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցան մաս­նա­ւոր գնա­հա­տան­քի։

Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Կեդ­րո­նա­կա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն յոր­դո­րեց եր­բեք չմոռ­նալ ի­րենց ե­կե­ղե­ցին ու հա­մայն­քը։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին հա­տուե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն տրա­մադ­րու­թիւ­նը բարձր էր, մինչ ա­նոնք միաս­նա­բար ա­ւար­տե­ցին ի­րենց կեան­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րուան­նե­րէն մին եւ այդ միաս­նա­կա­նու­թեան առ­թած յու­զու­մով մուտք կը գոր­ծեն նոր շրջա­նի մը շե­մէն՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ի­տէալ­նե­րով։ Հան­դի­սու­թիւ­նը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ե­կաւ հաս­տա­տել, թէ Կեդ­րո­նա­կա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն շար­քե­րը կը հա­մալ­րուին եւս 44 ե­րի­տա­սարդ­նե­րով։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016