ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ինչպէս ամէն Չորեքշաբթի, այս անգամ եւս Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին լեցուած էր հոծ թիւով հաւատացեալներով, որոնք երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութիւններուն։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչա։ Ներկայ էին Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան (Արժանթին), Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան (Գանատա), Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Երջանիկ Տօնիկօղլու, Գէորգ Թիւյսիւզեան, Յարութիւն Սահակեան, Ասատուր Իչլինալչա, Եփրեմ Միհրանեան, Մուրատ Փէյնիրճի, Կարպիս Տէրտէրեան, Հաճը Եըլմազ, Մարտիրոս Մարտիկեան, Լեւոն Ցնծալեան եւ Շահին Քալայ, որոնք ներդաշնակօրէն կատարեցին երգեցողութիւնները եւ սպասարկեցին Ս. Սեղանին։ Բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան ի ժամ Ս. Պատարագի։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բացօթեայ հաւաքոյթին մասնակիցները։ Տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ ներկաները մտերմիկ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։