ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակներէն ներս կը շարունակուին իրերայաջորդ մատաղօրհնութիւնները։ Ներկայիս հերթը հասած է Ս. Խաչ դպրեվանքին։ Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները հերթական անգամ ժամադրուած են Գումգաբուի մէջ՝ Ս. Խաչ դպրեվանքին զօրակցելու համար։ Ընդհանուր առմամբ մեր դպրոցներու յարատեւութիւնը ապահովելու տեսլականով սիրոյ սեղանները կ՚ընթանան զօրակոչի մը մթնոլորտին մէջ։ Ս. Խաչ դպրեվանքն ալ անմասն չի մնար այս զօրակցութենէն եւ այս շաբաթավերջին անոր ի նպաստ սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի հիմնադրութեան տարեդարձին զուգահեռ։ Հաստատութեան 64-րդ տարեդարձին շարժառիթով կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի հանդիսապետէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Մատաղօրհնութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք այս առաւօտ խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճանն ու խնամակալութեան ժրաջան անդամներէն Արի Հերկելը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ հաստատութեան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ վաղեմի բազում խըն-դիրներ թէեւ օրինական հարթութեան վրայ կարգաւորուած են մեծաւ մասամբ, սակայն դիւանակալական գործընթացները ընդհանրապէս կ՚ենթադրեն համբերութեան շրջան մը, ինչ որ միեւ-նոյն ժամանակ կու գայ խոչընդոտել կալուածներու հասոյթը։ Նկատի ունենալով, որ խնամակալութեան կամքէն անկախ ձեւով Ս. Խաչ դպրեվանքը տակաւին լիարժէք չի կրնար օգտագործել իր կալուածները, կը զրկուի անոնց հասոյթէն, ստիպողաբար տարեկան սիրոյ սեղանին շրջագծով կը կատարուի նաեւ նուիրահաւաք։ Խնամակալութեան ներկայացուցիչները մատնանշեցին նաեւ, որ հետեւողականօրէն աշխատանք կը տանին կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներու յաղթահարման առաջադրութեամբ։
Թորոս Ալճան եւ Արի Հերկել ընդգծեցին նաեւ, որ առաւելագոյն նախանձախնդրութիւնը կը ցուցաբերեն վարժարանէն ներս ջամբուած ուսումի որակը բարձր պահելու համար։ Խնամակալները դիտել տուին նաեւ, թէ միշտ հաւատարիմ կը մնան Սկիւտարի եւ ընդհանրապէս քաղաքիս Ասիական ափի մեր վարժարաններու համախմբման ծրագրին։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024