Եկեղեցական

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տաղաւարի արարողութիւններուն, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ այլ սարկաւագներու եւ դպիրներու հետ սպասարկեց Ս. Սեղանին։

ՉՈՐՑԱԾ ՓԱՅՏԷՆ ՆՇԱՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Տարւոյն վերջին տաղաւարն է այսօր. Խաչվերաց։ Խաչը, մեզի կը յիշեցնէ մահուան դէմ տարուած յաղթանակը։ Պատմութիւնը այնպէս կը զարգանայ, որ այս յիշատակութեան անբաժանելիօրէն կը միանայ նաեւ, Խաչը գերութենէն ազատագրելու համար նախանձախնդիր Քրիստոնեայ հասարակութեան մղած պայքարի մը յաղթանակը։

ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՄՕՏ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։

ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՈՎ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաժողով. «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»: Կոչ համայն աշխարհին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը. «Պարտադրուած խաղաղութիւնը, առանց արդարութեան, բարիքի փոխարէն ցաւ ու տառապանք կը ծնի, ատելութիւն ու թշնամանք կը բերէ մարդկային կեանքին»:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԼԱՔՈԹԻ ՀԵՏ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը, որ ներկայիս իր դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը աւարտելու վրայ է։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին։ Ողջունելով դեսպանին այցելութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ այս շաբթուան երկրորդ կէսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է հետաքրքրական համաժողով մը։ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագրեալ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 9-10 սեպտեմբերին։

ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԱԿԻՐ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կը կազմակերպուին առցանց դասախօսութիւններ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով։

Էջեր