ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՎԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Վան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ գլխաւորուեցաւ այս տարուան ուխտագնացութիւնը։