ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն պատուիրակութիւն մը։ Հիւրերը գլխաւորեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կաճառի խորհուրդի նախագահ Չարլզ Ղալեան։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Ս. Պատարագի արարողութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան կարեւոր ժողովներ։ Առաջինը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանն էր՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին, որ վերջերս վիրահատութեան մը ենթարկուեցաւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Գայանեանց կոյսերու յիշատակութեան տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ մարտիրոս սրբուհիներու մասունքը ամփոփած Աջով օրհնեց բարեպաշտ ժողովուրդը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Երէկ երեկոյեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին մասնակցելու համար մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ նորաստեղծ «Գաւիթ» հարթակի անդրանիկ քննարկումը։ Քննարկման կը մասնակցէին եկեղեցականներ, ազգային, հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ զանազան ոլորտներու պատկառելի այլ ներկայացուցիչներ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց օտարերկրեայ երկու պատուիրակութիւններ, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Հայաստան։
Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնէն խումբ մը ուսանողներ Վեհափառ Հայրապետին մօտ: