ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ հինգշաբթին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգին մէջ ամենէն խորհրդաւորն է եւ ժողովուրդին կողմէ ամենասիրելին։ Այսօրուան աւարտին կատարուած է Վերջին Ընթրիքը, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը եւ Վերջին Կտակը։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. տքթ. Ժերրի Փիլլէյ եւ Միջազգային ու միջեկեղեցական օժանդակութեան կազմակերպութեան՝ «ACT Alliance»ի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիա երէկ Մերսինի վրայով Իսքենտէրուն մեկնեցան, ուր հանդիպում մը ունեցան Հայ Առաքելական, Արաբ Ուղղափառ եւ Լատին Կաթոլիկ հոգեւոր կեդրոններու պատասխանատուներուն հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան սկիզբի ամենախորհրդաւոր արարողութիւններէն մին։ Այսպէս, Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան առթիւ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, երէկ, Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութեան։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ պատարագեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով տօնախմբեց Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ