ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԸ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս Լիւքսեմպուրկի Ս. Միշել եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ գիտաժողովի մը։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս Լիւքսեմպուրկի Ս. Միշել եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ գիտաժողովի մը։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամները արժեւորեցին թրքահայ կեանքի իրադարձութիւնները:
Եկեղեցական համագումարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդներու ընտրութեան համար քուէատուփեր զետեղուին նաեւ Ֆէրիգիւղի եւ Սամաթիոյ եկեղեցիներու շրջափակէն ներս՝ չխոչընդոտուի ժողովրդավար ոգին եւ խրախուսուի ընտրողներու մասնակցութիւնը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէի տանտիրութեամբ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ համախմբում:
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ջերմօրէն ընդունուեցաւ խումբ մը նախկին պոլսահայերու կողմէ, որոնք իրեն յանձնեցին նաեւ յուշանուէր մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ Պունտեսթակի «Միջազգային խորհրդարանական կրթաթոշակ» ծրագրի պատուիրակութիւնը, որու գլուխը կը գտնուէր երեսփոխան Քրիստիան Հաասէ։
Արեւմտեան թեմի Խաչատուրեան դ. դաս-երգչ.ի տարեդարձը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ:
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Լոս Անճելըսէն անցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, իսկ այս կիրակի պիտի պատարագէ Փրովիտընսի մէջ:
Պելժիոյ մէջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան անցեալ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ տեղւոյն Ասորի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսաւոր արարողութեան եւ յաջորդած պաշտօնական ճաշկերոյթին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց հայոց առաջին լուսաւորիչները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան երէկ պատարագեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, իսկ այս շաբաթավերջին այցելեց Արեւմտեան թեմը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» ֆրանսական կազմակերպութեան անդամները։ Խումբը գլխաւորեց սոյն կազմակերպութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Քորանթեն Քլերժի։