ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SOS ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «SOS Արեւելքի քրիստոնեաներ» ֆրանսական կազմակերպութեան անդամները։ Խումբը գլխաւորեց սոյն կազմակերպութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Քորանթեն Քլերժի։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ կը գտնուի, այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը պիտի տայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հաղորդեց, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական տնօրինութեամբ՝ այսօրուան դրութեամբ երկարամեայ ծառայութենէն յետոյ վաստակեալ հանգիստի կը կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Շիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այս շաբաթավերջին պիտի տօնախմբէ հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնը։
Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան պատարագեց Տիթրոյիթի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:
ՄԱԿ-ի Լիբանանի խաղաղապահ զօրախումբին մասնակից հայ անձնակազմը այցելեց Անթիլիաս:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Հռոմի «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Լսելով Արեւելքը» խորագրեալ միջեկեղեցական, միջազգային գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացիի յիշատակին ձօնուած այս համալսարանէն ներս կազմակերպուած գիտաժողովը կը վերաբերէր Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ ժողովականութեան, սինոդականութեան։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 65-ամեակը: