ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԶՐՈՒՑԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի ղեկավարի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ներկայիս կը նշէ իր ձեռնադրութեան կրկնակ յոբելեանները։ Արդարեւ, 2020 թուականը կը զուգադիպի նորին սրբազնութեան քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 30-ամեակին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ հանդիպում-քննարկում:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Անթիլիասի մէջ 1930 թուականին ստեղծուած Դպրեվանքի յոբելեանը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ անուշադրութեան չի մատնուիր՝ հակառակ քորոնաժահրի առկայ համաճարակին։
Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Պատրիարքական Աթոռը իր հիմնադրութենէն ի վեր եղած է համայնքիս կեդրոնն ու վերին իշխանութիւնը՝ բոլոր հոգեւոր եւ այլ ոլորտներէ ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բժիշկներու օրհնութեան կարգ։ Սուրբ Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ օրհնուեցան բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 559-րդ տարեդարձը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, այս առթիւ շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը կատարուեցաւ եւ ժամերգութեան ընթացքին մեր հոգեւոր հայրերու մաղթանքը եղաւ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութիւնն ու անոր գահակալի արեւշատութիւնը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ։ Այդ նուիրատուութիւնները կը յատկացուին համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման ի նպաստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային, առողջապահական եւ կրթական ծրագրերու իրականացման համար։