ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան զօրակցութեան ծրագրեր կեանքի կը կոչէ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման եւ կարիքաւորներու օգնութիւն փութացնելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի աշխատանք մը յառաջ կը տարուի։
Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ քննարկումներ՝ համաճարակով ստեղծուած կացութեան շուրջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ ծագած ցաւալի բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին՝ ստեղծուած արդար մտահոգութիւններով հանդերձ։ Սփիւռքեան մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ այս հարցին՝ զանազան խորհրդածութիւններով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ծագած լարուածութեան արձագանգները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել հայաշխարհի օրակարգը։ Առկայ բանավէճի մթնոլորտին նախընթաց օր, դժբախտաբար, ուղղակիօրէն մասնակից դարձաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը աշխարհացրիւ իր հօտին օրհնութիւն բաշխեց՝ Տիրոջ կենաց փայտի մասունքի խաչով:
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը երէկ աւանդական շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս։ Անթիլիասի մէջ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ս. Զատկի առթիւ տուաւ իր պատգամը։
«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՛ր.