ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՂՕԹԵՑ «ԱՐԵՒ-ԵՐԵԽԱՆԵՐ»ՈՒ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Արեւ-երեխաներ»ը։ Վեհարանի մէջ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Գրիգորեան, որ միեւնոյն ժամանակ հիմնադիրն է «Արեւ-երեխաներ» հասարակական կազմակերպութեան։
Կիլիկեան Աթոռի երէց միաբանը յաւերժութեան ճամբուեցաւ աղօթքով, խունկով ու բիւր յարգանքով:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օգնութիւնը աշխարհին եւ մեր ժողովուրդին պատուհասած համաճարակի դիմագրաւման համար։ Արդարեւ, ուր որ կայ սէր, յոյս եւ հաւատք, այնտեղ չկայ երկիւղ ու կասկած, այնտեղ չկայ վախ եւ յուսալքութիւն, որովհետեւ մեր ապաւէնն է նոյնինքն Արարիչ Աստուած»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մշտահունչ աղօթքներ կը բարձրացուին առ Աստուած քորոնաժահրէ վարակուածներուն համար։ Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամէն օր կը կատարուին մասնաւոր բժշկական աղօթքներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ օրեր առաջ մարտի 18-ը հռչակուած էր Համազգային աղօթքի օր՝ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ հիւանդներու բժշկութեան համար։ Ուստի, երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Գայիանէ վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ քորոնաժահրի համաճարակի կապակցութեամբ հանդէս եկաւ հետեւեալ յորդորով։ Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով ամբողջ աշխարհ կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէր մը։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած ժողովներէն վերջ հրապարակուեցան՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ կարեւոր տեղեկութիւններ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց այն 62 հոգեւոր սպասաւորները, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն Հայկական զինեալ ուժերու շարքերէն ներս։ Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան ներքեւ սպասարկող հոգեւորականները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցան եռամսեայ գործունէութիւնը ամփոփելու նպատակով։
Վեհափառը կ՚ընդգծէ ազգային դիմագիծը՝ աշխարհին լաւագոյնս ներկայանալու համար: