ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԽՆԱՄՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներէն ներս ապաստան գտած ընտանիքներուն, որոնք Արցախի վերջին պատերազմին հետեւանքով պարտաւորուած են գաղթելու։ Նորին Սրբութիւնը Էջմիածին քաղաքէն ներս տեղահանեալ ընտանիքները իր հայրական հոգածութեան առարկայ դարձուց։
Հայաստանի մէջ այս կիրակին հռչակուած է՝ Արցախի պատերազմի ժամանակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակութեան օր։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը օրեր առաջ հանդէս եկած էին համապատասխան կոչով մը։
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ժողովուրդի լուրջ անհանգստութեամբ պայմանաւորուած՝ կարեւորուեցաւ կայունութեան պահպանումը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով գումարուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Նիստը բացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ ժողովական հայրերու համատեղ աղօթքով՝ անցեալ շաբաթներուն Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով զոհուած հայորդիներու հոգւոց հանգստութեան համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ժողովուրդին ուղղեալ այս ուղերձը, որ պաշտօնապէս հրապարակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պապական նուիրակ Մոնս. Ժոզէֆ Սփիթերիի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Եւրոպայի երիտասարդութիւնը յանուն Արցախի անկախութեան ճանաչման» նախաձեռնութեան պատուիրակութիւնը։
«Լիայոյս ենք, թէ մարդկային անմեղ կեանքերը չեն զոհաբերուիր աշխարհաքաղաքական շահերու»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։