Եկեղեցական

ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լունի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց երկու երկիրներու միջեւ շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։

ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՐԱՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան կը գտնուի ո՛չ միայն քաղաքակրթութիւններու համախմբման, այլ նաեւ՝ քաղաքակրթութիւններու բախման խաչմերուկին։ Հայ Եկեղեցին եւ մեր հաւատքը եղած են ու կը մնան մեր ազգային ինքնութեան խարիսխը եւ յենարանը։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕԾՈՒԵՑԱՒ ՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ՝ ՅԵՏ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, նախընթաց օր, ձեռամբ Պատրիարաքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ՝ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ։ Անցեալ ամառ քահանայական կոչման արժանանալէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քառասնօրեայ ապաշխարութեան ու պատրաստութեան շրջանէ անցած նորաօծ տասներկու քահանաներն էին անոնք։

Էջեր