Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆերահեան» հայկական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ։ Քառասուն հոգիէ բաղկացեալ այս աշակերտական խումբը հիւրընկալելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան հայկական վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։

ՄՇՏԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ ԵՆԺ-ին:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած քառօրեայ 6-րդ նստաշրջանը եզրափակուեցաւ՝ կարեւոր աշխատանք ծաւալած ըլլալով Հայ եկեղեցւոյ առկայ վարչական խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին:

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի քառօրեայ նստաշրջանը պիտի եզրափակուի վաղը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն:

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՈՍՏՈՒՄ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբա­­­գիր Արա Գօչունեան կը տե­­ղե­կացնէ Երեւա­նէն.-

Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը Մայր Աթոռի մէջ կը կեդրոնանայ նոր ժամանակներու բարենպաստ պայմաններուն ներքեւ կանոնադրութեան մը մշակման վրայ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր եկեղեցւոյ առկայ մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը անկարելի է պատկերացնել՝ առանց անոր կառոյցներու սերտ համագործակցութեան» Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Պոլսոյ Աթոռի հարցերու լուծման հեռանկարներուն կապակցութեամբ:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Առաքելական գրադարանի եւ Գաղտնի արխիւներու ղեկավար Մոնս. Ժան-Լուի Պրիւկէսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան։

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի՝ որ­պէս տե­ղա­պահ Ա­թո­ռա­նիսկ Մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ փո­խան­ցած պատ­գա­մը։ 
Ձայն բազ­մաց, ձայն Աս­տու­ծոյ։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը վեր­ջա­պէս ձայ­նը բարձ­րա­ցուց եւ լսե­լի դար­ձուց։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայի Պետական համալսարանէն խումբ մը։ 32 դասախօսներէ եւ ուսանողներէ բաղկացեալ այս խումբի գլուխը կը գտնուէին՝ Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի Ծիսագիտութեան ու խորհուրդներու աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ֆոյլնէր եւ Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութեան ու հայրաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փրոքշին։

Էջեր