ՎՐԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմէն ուխտաւորներ։ Թիֆլիզի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Յարութիւնեանի կողմէ գլխաւորուած էին ուխտաւորները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի խումբ մը ուսանողներ։ 1-4-րդ լսարանէ ուսանողական խումբը գլխաւորեց ամպիոնի վարիչ Տքթ. Պարլոու Սրկ. Տէր-Մկրտիչեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց Սպիտակ Ռուսիոյ պատրիարքական էկզարխ, Մինսքի եւ Զասլաւի մետրապոլիտ Փաւելը։ Այս վերջինը այցելութեան առթիւ ընդունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հոգեւոր ցնծութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 225 քահանաներու մասնակցութեամբ տարեկան ժողով:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ թեմական պատգամաւորական ժողով։ Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ գումարուեցաւ թեմի 36-րդ պատգամաւորական ժողովը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի այցելութիւնը՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Էօրնեքեան» հանրակրթական դպրոցի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններէն 4 աշակերտներ։ Հարկ է նշել, որ այս դպրոցը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքեւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիան։ Այս առթիւ Տէ Ֆարիա Նորին Սրբութեան ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը։