ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՐԳԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Եկեղեցին եւ ընտանիքը 21-րդ դարուն. արժէքներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ ներկայ 2019 թուականը հռչակուած է Ընտանիքի տարի եւ այս ծիրէն ներս տեղի ունեցած է վերջին օրերու համաժողովը։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ միջազգային համաժողով. «Եկեղեցին եւ ընտանիքը 21-րդ դարուն. արժէքներ եւ մարտահրաւէրներ»:
Հադրութի գլխաւոր հիւանդանոցի ծննդաբերական բաժանմունքը վերանորոգուած:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիթվանիայի խորհրդարանի նախագահ Վիքթորիա Փրանցքետիսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Վեհարանի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հիւր խորհրդարանի նախագահը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոնսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց սփիւռքահայ յայտնի բժիշկ ու բարերար Կարօ Դերձակեանը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ամերիկահայ բժիշկին շնորհեց «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սինկափուրի վարչապետ Լի Սիեն Լունի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց երկու երկիրներու միջեւ շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։
Հայ օգնութեան ֆոնտը Հայաստանի մէջ շարք մը ձեռնարկներով կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեակը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ վարդապետի աստիճան ստացած չորս նոր միաբաններուն ջերմ խրախուսանք:
Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանման 20-րդ տխուր տարելիցը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան կը գտնուի ո՛չ միայն քաղաքակրթութիւններու համախմբման, այլ նաեւ՝ քաղաքակրթութիւններու բախման խաչմերուկին։ Հայ Եկեղեցին եւ մեր հաւատքը եղած են ու կը մնան մեր ազգային ինքնութեան խարիսխը եւ յենարանը։