Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 9 օգոստոս 2019 թուակիր ու 1416 համար հրամանագրով Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրել։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն էր։ Վեհափառ Հայրապետը դարձաւ 68 տարեկան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարի շրջանին քաղաքս այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան եւ Տ. Յովէլ Քհնյ. Գամաղէլեան։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խնդրանքին ընդառաջ հիւր հոգեւորականները փութացած էին քաղաքս եւ մասնակցութիւն բերին տաղաւարի տօնակատարութիւններուն՝ լրացնելով մեր տեղական կարիքները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ վերջերս կազմակերպուած Միջազգային 5-րդ բժշկական համագումարի խումբ մը մասնակիցները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք մեկնած էին Ախալցխայէն եւ Սամցխէ-Ջաւախքէն։ Ուխտաւորներուն ուղեկցեցաւ Ախալցխայի հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Աբեղայ Սահակեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ զանազան ժամանակաշրջաններով Հայաստանի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հաշմանդամ դարձած վեց զինուորներ, որոնք յառաջիկայ շրջանին դարմանման համար պիտի մեկնին Հնդկաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ զինուորները պիտի ստանան անհրաժեշտ բուժում եւ վերջոյթներու փրոթեզ։
ԵԽ-ի Իսթանպուլի պայմանագրի վաւերացման գործընթացը բանավէճի մը ծնունդ տուած է Հայաստանի մէջ:
Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ