ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրին մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներ։
Աւագ շաբթուան հոգեպարար արարողութիւններէն Տասն կուսանաց յիշատակութիւնը երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տասն կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնը բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ մատոյց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, մանուկներու օրհնութեան կարգ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
«Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ․ պատմութիւն եւ արդի ժամանակներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը խստիւ կը դատապարտէ Վատիկանը՝ հիւրընկալած ըլլալու համար, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ, Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ անոր գիտական-ապացուցողական քարոզչամեքենային նախաձեռնութեամբ։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններ եւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։