ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շաբաթավերջին (յունիսի 7-ին) այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր առանձնազրոյց մը ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց իր լիակատար աջակցութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, խստիւ դատապարտելով հայոց 1700-ամեայ եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հակասահմանադրական ոտնձգութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մելքիթ յունահռովմէական եկեղեցւոյ Լիբանանի եւ Զահլէ ու Ֆուրզոլի թեմի առաջնորդ Իպրահիմ Եպիսկոպոս Իպրահիմին, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լիբանանի, Զահլէի եւ Պաալպէքի թեմի առաջնորդ Անթուան էլ Սուրի մետրապոլիտը, որոնց կ՚ընկերանար «Կարտենիա Լեպնիզ Ֆարմս» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նիքոլաս Ապու Ֆայսալ։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ Հոլանտայի հիւսիսի Սոմերէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ ճամբար 2025»ը։
Հայաստանի վարչապետը օրէնքէն վեր կը դասէ իր անձը եւ հերթական անգամ կ՚արշաւէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ՝ կեղծ մեղադրանքներով:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ Տ. Բարսեղ Աւ. Քհնյ. Վանլեան։ Նորոգ վախճանեալ տէր հայրը երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ ծառայութիւն մատուցած էր՝ տիպար հոգեւորականի համբաւով։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը երէկ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Բացառիկ խանդավառութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին, Ֆէնէրի «Մարաշլը» յունաց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցաւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի կողմէ: