Տ. ԱՆԱՆԻԱ ՎՐԴ. ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԼՈՒՍԱՐԱՐԱՊԵՏ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս երէկ տեղի ունեցան անձնակազմի կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ նշանակուեցաւ Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Եւրոպայի դատաւորներու միութեան (EAJ) տարեկան համաժողովի մասնակցիները։ EAJ-ի այս տարուան համաժողովը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ եւ մասնակիցները այս ծիրէն ներս այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Կարմիր կիրակիի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ պատգամաւորական ժողով։ Սա 98-րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովն էր, որուն զուգահեռ տեղի ունեցան նաեւ թեմի հոգեւորականաց համագումարն ու տիկնանց կազմերու հաւաքը։
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի շրջանին առթիւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ինչ որ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ՝ համախմբելով զանազան թաղերէ ուխտաւորներ։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Հայաստանէ ներս։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ նորընտիր նախագահ Կերի Ֆիլիփսի եւ նորընտիր գործադիր տնօրէն Սերժ Պուչակճեանի։