ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ վերյիշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը՝ Երուսաղէմ:
Ծաղկազարդի առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ խաչեր նուիրեց փոքրիկներուն:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ վերյիշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը՝ Երուսաղէմ:
Ծաղկազարդի առթիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ խաչեր նուիրեց փոքրիկներուն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան։ Իննսուն տարեկան հասակին վախճանած հանգուցեալ Սրբազան Հայրը կեանքի վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ հերթական ընտրութիւն:
Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան օրհնեց նորընտիր Թեմական խորհուրդին անդամները, որոնց մաղթեց յաջողութիւն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մարտ 14-15-ի գիշերը Լիոնի մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Դաւիթ Արք. Սահակեան։ Յետ երկարատեւ հիւանդութեան ան 81 տարեկան հասակին հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէն։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ուխտի միաբաններէն Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան յառաջիկայ շրջանին պիտի սկսի պաշտօնավարել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր արդէն աւարտեց Իսթանպուլ կատարած իր այցելութիւնը։ Ծանօթ է, որ շաբաթէ մը ի վեր ան կը գտնուէր քաղաքիս մէջ եւ անցեալ շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութիւն մըն ալ տուած էր Անգարա։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր կ՚աւարտէ Իսթանպուլ կատարած իր «անպաշտօն», «մասնաւոր» հերթական առեղծուածային այցելութիւնը։ Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի լայն արձագանգ ստեղծած է Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութիւնը, մանաւանդ, որ ան շաբաթավերջին մեկնած է նաեւ Անգարա։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը շաբաթավերջին միօրեայ, կարճատեւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաքի մէջ:
Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան այս առաւօտ հիւրընկալուեցաւ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն ներս: Ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ նուիրատուութիւն մը ընել Սրբոց Յակոբեանց վանքին համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ազգային բարերար Սէրկէյ Սարգիսովին (Ռուսաստան) շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը։ Նորին Սրբութիւնը Սէրկէյ Սարգիսովը պարգեւատրեց՝ բարձր գնահատելով անոր կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ համար մատուցուած ազգանուէր ծառայութիւնները։