ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆերահեան» հայկական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ։ Քառասուն հոգիէ բաղկացեալ այս աշակերտական խումբը հիւրընկալելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան հայկական վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Առաքելական գրադարանի եւ Գաղտնի արխիւներու ղեկավար Մոնս. Ժան-Լուի Պրիւկէսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի՝ որպէս տեղապահ Աթոռանիսկ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ երէկ փոխանցած պատգամը։
Ալեքսանդրոփոլի մետրապոլիտը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Աթէնքի արքեպիսկոպոսին ողջոյնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայի Պետական համալսարանէն խումբ մը։ 32 դասախօսներէ եւ ուսանողներէ բաղկացեալ այս խումբի գլուխը կը գտնուէին՝ Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի Ծիսագիտութեան ու խորհուրդներու աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ֆոյլնէր եւ Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութեան ու հայրաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փրոքշին։