ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Առաքելական գրադարանի եւ Գաղտնի արխիւներու ղեկավար Մոնս. Ժան-Լուի Պրիւկէսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի՝ որպէս տեղապահ Աթոռանիսկ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ երէկ փոխանցած պատգամը։
Ալեքսանդրոփոլի մետրապոլիտը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Աթէնքի արքեպիսկոպոսին ողջոյնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վիեննայի Պետական համալսարանէն խումբ մը։ 32 դասախօսներէ եւ ուսանողներէ բաղկացեալ այս խումբի գլուխը կը գտնուէին՝ Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի Ծիսագիտութեան ու խորհուրդներու աստուածաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Ֆոյլնէր եւ Քրիստոնեայ Արեւելքի ուսումնասիրութեան ու հայրաբանութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փրոքշին։


Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ Մոսկուայի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի տանտիրութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս նստաշրջանը, որու աշխատանքները պիտի եզրափակուին վաղը։
Կը տեղեկանանք, որ «Էլ Ճեզիրէ» արաբական հեռուստակայանը փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ձեռնարկած է՝ Լեռնային Ղաղաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս հեռուստակայանին կեդրոնը կը գտնուի Քաթարի մէջ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռումներ կը կատարէ՝ արաբերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։