ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՆԱՐԵԿ ԵՊՍԿ. ՇԱՔԱՐԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը վերջին օրերուն հրաժեշտ տուաւ իր նորոգ հանգուցեալ երիցագոյն անդամներէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեանին։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, իր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
Ծանօթ է թէ Պատրիարքական, ինչպէս նաեւ համայնքային ու թաղային հաստատութեանց վարիչներու ընտրութեանց առթիւ քուէարկողներու ցանկերը երկար ժամանակէ ի վեր չեն այմէականացուած։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին Կիւմրիի մէջ երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ վերջ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Նարեկ Եպսկ. Շաքարեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Ռումանիոյ Սուչաւա քաղաքին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 9-14 Օգոստոս 2017 թուականներուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդաց համագումար մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Պելժիոյ Մալին-Պրիւքսել աւագ թեմի եւ Պրիւքսելի շրջանի կաթոլիկ եպիսկոպոս Ժան Քոքրոլսը։ Այս վերջինը որպէս ուխտաւոր մեկնած է Հայաստան եւ այս ծիրին մէջ այցելած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայիս օրակարգի վրայ ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին անհատոյց հողատարածք մը նուիրաբերելու նիւթը։ Այսպէս, քննարկումներ կը ծաւալուին՝ որպէսզի Էջմիածնի մէջ նոր հողատարածք մը նուիրաբերուի եկեղեցւոյ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, համապատասխան որոշման նախագիծը արդէն վերջերս քննարկուած է կառավարութեան ժողովին ընթացքին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Հայկական ակնաբուժական նախագիծ» բարեգործական հիմնադրամի ղեկավարները, մասնագէտներն ու բարերարները։ Բարեգործական այս հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատու Նունէ Եղիազարեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նախագծի սկզբնաւորման պատմութիւնը եւ անցեալ 25 տարիներու գործունէութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հայ-իրանական համատեղ հանդիպում-քննարկում: