ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԵՐՔԻՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ներքին թեմերու քահանայից տարեկան ժողովը։ Այսպէս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ համախմբուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 45 միաբաններ եւ 184 քահանաներ, որոնք հոգեւոր ծառայութիւն կ՚իրականացնեն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերէն ներս։




Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Ալեքսէյ Սեմիոնովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այց մը տուաւ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ձեռամբ՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ երաժշտապետ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։