ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը բարձր գնահատանքի առարկայ դարձուց այն կամաւորները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին «Ուրախ Ամանոր սահմաններուն» ծրագրին։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագիրը անցեալ ամիս կեանքի կոչուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակին կողմէ։
Պատրիարքական Աթոռին տնօրինութեամբ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ տօնակատարութիւններ ու զօրակցութեան շարժում:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութիւնը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնէութիւնը հիւրընկալեց՝ Ս. Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի գլխաւորութեամբ։
Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ Ամանորի իր պատգամը փոխանցեց համայն հայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։