ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ եպիսկոպոսական օծման կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ փայլուն արարողութիւններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս Նորին Սրբազնութիւնը շրջապատուեցաւ ամենաջերմ զգացումներով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Շուէտի Սոտերթելի քաղաքին մէջ օծուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ:
Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս Միաբանական ընդհանուր ժողով՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, Ուսուցչի օրուան կապակցութեամբ ընդունեց Մայր Աթոռի եւ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ գործոց Հայորդեաց տուներու 140 ուսուցիչները՝ ուղեկցութեամբ Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչ Տ. Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեանի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը, որ մաս կազմեց 2015-ի ոգեկոչումներու շրջագծին։ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարի եւ յարակից Առաջնորդարանի համալիրէն ներս կատարուեցաւ «Գաղ-թականութիւն» քանդակին օրհնութիւնը եւ տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը։