Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ. ԵՂԻՇԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԻԶԻՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի եւ Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականը՝ Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան ի Տէր հանգեաւ Ուրբաթ Մարտ 18, 2016, Էմըրսընի (Նիւ Ճըրզի) Հայկական հանգստեան տան մէջ: Եղիշէ Արքեպիսկոպոս 91 տարեկան էր:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամը՝ Ս. Յա-րութեան տօնին առթիւ։
Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս զգայացունց իրերայաջորդ իրադարձութիւններ, որոնք հանրային կարծիքին մօտ ծնունդ կու տան հարցականներու։
Հունգարիայէն եւ Քուէյթէն պատուիրակութիւններ հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ վերյիշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը՝ Երուսաղէմ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան։ Իննսուն տարեկան հասակին վախճանած հանգուցեալ Սրբազան Հայրը կեանքի վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մարտ 14-15-ի գիշերը Լիոնի մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Դաւիթ Արք. Սահակեան։ Յետ երկարատեւ հիւանդութեան ան 81 տարեկան հասակին հրաժեշտ կ՚առնէ երկրաւոր կեանքէն։