ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Երէկ երեկոյեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ԳՀԽ-ի նստաշրջանին մասնակցելու համար մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ նորաստեղծ «Գաւիթ» հարթակի անդրանիկ քննարկումը։ Քննարկման կը մասնակցէին եկեղեցականներ, ազգային, հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ զանազան ոլորտներու պատկառելի այլ ներկայացուցիչներ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց օտարերկրեայ երկու պատուիրակութիւններ, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Հայաստան։
Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնէն խումբ մը ուսանողներ Վեհափառ Հայրապետին մօտ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ նոր դերաբաժանում մը կատարուած է պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներու պաշտօնավայրերու պարագային։ Պատրիարքարանի դիւանը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց այս ուղղութեամբ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Նուիրապետական աթոռներու գահակալներն ալ զգայնութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն, որոնք ունին նուրբ նշանակութիւն։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան ենթակայ Լիէժի ծուխը վերջերս ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Այսպէս, հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ընդունեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պելժիոյ Աթենակորաս Մետրապոլիտը։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 562-րդ տարեդարձը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Գայիանէ Յակոբեանի բանտարկութեան կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ թողարկուած հրապարակումը։