Եկեղեցական

ՎԱՐԱԿՄԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԷՊՔԸ

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր հոգեւորականաց դասէն՝ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Մեր հոգեւոր հայրերու շարքին ան հերթական վարակեալն է դժբախտաբար։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ այն աշխարհական աշխատակիցներուն հետ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներուն մէջ կը պաշտօնավարեն։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕՐՀՆԵՑ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՅ ՀԱՅՐԵՐ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նորաօծ այն 11 քահանայ հայրերը, որոնք անցեալ նոյեմբերի 21-ին ձեռնադրուած էին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի մէջ եւ արդէն աւարտած են իրենց ապաշխարութեան շրջանը։ Վեհարանի հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

2022 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ

2022 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է Սփիւռքի տարի։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անցեալ շաբաթավերջին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի հանդիսաւորապէս ընթերցուած էր համապատասխան հռչակագիրը։

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ

Անթիլիասի մէջ շաբաթավերջին յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալի հռչակագիրը՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»Ի ՀՌՉԱԿՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2022 թուականը հռչակած է «Սփիւռքի տարի»։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը 2003 թուականէն ի վեր իւրաքանչիւր տարին կը բնորոշէ՝ հայ ժողովուրդի կեանքին հետ աղերսակից կարեւոր դէպքով մը, յոբելեանով մը կամ երեւոյթով մը։

ԵՐԿՆԱՁԱՅՆ ԿԵՆԱՐԱՐ ԱՒԵՏԻՍ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով տօնախմբեց Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ իր աշխարհացրիւ հօտին ուղղեալ տօնական պատգամը:
«Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան շնորհով Բեթղեհէմ դարձած հոգիներէն կը ցրուի անյուսութեան խաւարը։ Աստուած Իր Միածին Որդիի յայտնութեամբ հրաւէր կ՚ուղղէ ողջ մարդկութեան՝ իրենց սրտերը դարձնելու աստուածային անսահման սիրոյ յայտնութեան վկայարան, մեղքերէն սրբուելու, վերափոխուելու եւ նորոգութեան միջոցաւ փրկուելու: Թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ  աշխարհասփիւռ մեր համայնքներէն ներս ըլլանք միաբան ու միասնական։ Մեր անմիաբանութիւնն ու անհամերաշխութիւնը ծնունդ կու տան նոր կորուստներու»:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի, աշխարհացրիւ իր հօտին տուաւ տաղաւարի պատգամը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Էջեր