ԲՐԳՆԻԿ ԵՒ ԻՐ ԴՊՐՈՑԸ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սեբաստիոյ վիլայէթի Տեւրիկ գաւառակի Գասաման գիւղին մօտակայքի Բրգնիկ գիւղի անունին մասին զանազան վարկածներ կան: Ամենաընդունուած տարբերակը այն է, որ Բրգնիկ անունը ծագած է Բագրատունի նախարարական տոհմի անունէն՝ աղաւաղուելով եւ դառնալով Բրգնիկ։