ՄՇՏԱԿԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ -Ա-
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Ի՞նչ է կեանքին իմաստը». այս հարցումը մարդոց կողմէ կրնայ այլազան կերպերով ընկալուիլ, բայց այս կէտին կը ծագին նաեւ այլ հարցումներ. «ի՞նչ է կեանքին ծագումը», «ի՞նչ է տիեզերքի եւ կեանքին բնոյթը», «կեանքը ինչպէ՞ս աւելի արժէքաւոր կը դառնայ», «ո՞րն է մարդու կեանքին նպատակը»։