ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն նախագահեց՝ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Մօտաւոր անցեալի երկրաշարժով ցնցուած գիւղը թէեւ տակաւին աւերի հետքերը կը կրէ, սակայն, անոր գողտրիկ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը եւ աւանդական ժողովրդական խրախճանքը անցան բարձր տրամադրութեան մթնոլորտի մէջ։
Ս. Աստուածածնի տօնը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի։
Երէկ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնի առթիւ ստեղծուեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութեան շրջանը արդէն լրացաւ։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին առթիւ պատարագեց եւ յաջորդած խաղողօրհնէքը կատարեց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Շաբաթավերջին, Պուրկազ կղզիին մէջ ընթրիք մը կազմակերպուեցաւ՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Մեներգիչ Արի Պարութօղլուի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի ներկայ շաբաթավերջին, թրքահայ ազգգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերստին բոլորի ուշադրութեան կիզակէտին է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աւանդական շուքով տեղի կ՚ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս, ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութիւնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։
Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ուխտի շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն մասնակցեցան Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներն ու պատանիները։