ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց յայտնի նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանը։ Զրոյցի ընթացքին Պերճուհի Պէրպէրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուց, որ յառաջիկային նախատեսուած է իր նոր ցուցահանդէսը։